2014-03-13 09:24:50

Անունս` Ֆրանչիկսոս


Ֆրանչիսկոս` Ասիզացիի սուրբին նման։ Աղքատներու սուրբը` որ իր սրբակենցաղ օրինակով կարողացաւ համայն Եկեղեցին բարեփոխել։ Այն որ հարստութիւններէն հրաժարեցաւ ծառայելու համար աղքատ իր եղբայրներուն։
Ֆրանչիսկոս` որ իր ինչքերը վաճառեց վերակառուցելու համար Աստուծոյ Եկեղեցին։
Ֆրանչիսկոս` այս անունով պատմութեան առաջին քահանայապետը։
Ֆրանչիսկոս` Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդը որ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Քահանայապետ ընտրուեցաւ` 13 մարտ 2013-ին, կարտինալական Քոնքլավի 6-րդ քուէրակութեան աւարտին։
Երբ Կարտինալական դասի գահերէցը հարց տուաւ ''Ի՞նչ անուն կ՛ուզես ընտրել որպէս Քահանայապետ'', երբեմնի Կարտինալ Խորխէ Պերկոլիօ առանց վարանելու պատասխանեց` ''Ֆրանչիսկոս''։
Չորեքշաբթի, 13 մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 19,06-ին, համայն աշխարհ իմացաւ թէ Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ փակուած` 115 կարտինալները ընտրեցին Հռոմի 266րդ Քահանայապետը, յանձին` Պուէնոս Այրէսի Մետրոպոլիտ, կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոյի, որ ընտրեց ֆրանչիսկոս անունը։
Կարտինալ Պերկոլիօ, խոնարհ ու հեզ անձնաւորութեան համբաւը ունի, եւ այս ի յայտ եկաւ առաջին վայրկեաններէն իսկ, երբ սրտբաց` Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, յայտնուեցաւ աշխարհին, վիզը կրած իր եպիսկոպոսական պարզ խաչը, եւ արտասանեց իր առաջին խօսքերը, ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող 100 հազարէ աւելի հաւատացեալներէն խնդրեց որ պահ մը լռելեայն աղօթեն, որպէսզի Աստուած օրհնէ զինք նախ քան իր առաքելական օրհնութիւնը տալը։
Հրճուանքը, ուրախութիւնը եւ խանդավառութիւնը պատեց համայն աշխարհի քրիստոնեաները։ Սուրբ Պետրոսի Նաւի ղեկը կը յանձնուէր ''հեռուէն եկող նոր Քահանայապետի'' մը ձեռքը, որ ընտրեց խոնարհութիւնը եւ ծառայութիւնը յատկանշող ''ֆրանչիսկոս'' անունը, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ առաջին Քահանայապետը, որ Ասիզացիի սուրբին օրինակով մտադիր է վերականգնել Եկեղեցին, հաւատացեալներուն սրտերուն մէջ վերարծարծելով հաւատքը։Ֆրանչիսկոս` Աստուծոյ ողորմածութեան Քահանայապետը։ ''Ողորմութիւնը մեր Աստուծոյն անունն է'' ըսած է Ան։ Անուն մը որ Ֆրանչիսկոս Պապը համայն աշխարհին կ՛ուզէ յայտնել։








All the contents on this site are copyrighted ©.